Ցեղասպանութեան գործադրութիւն եւ մարդասիրական դիմադրութիւն` Հալէպէն մինչեւ Տէր Զօր, 1915-1917 թթ.
Համաշխարհային Ա. պատերազմին Սուրիոյ այսօրուան տարածքը տարագրուած հայ գաղթականներուն դէմ մշակուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան դէմ մղուած մարդասիրական դիմադրութիւնը կը հանդիսանան Հայոց Ցեղասպանութեան նուազ ուսումնասիրուած, բայց շատ կարեւոր օղակներէն մէկը։ Այս դասախօսութիւնը կը կեդրոնանայ Հալէպի, ինչպէս նաեւ Ռաս Ուլ Այնի եւ Եփրատ գետի ափին՝ Մեսքենէէն մինչեւ Տէր Զօր երկարող տարածքին վրայ սփռուած կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ, երիտթուրքական ցեղասպան քաղաքականութեան դէմ հայութեան մղած մարդասիրական դիմադրութեան վրայ։ Դասախօսը կը ներկայացնէ այս անհաւասար պայքարը, որ հայ գաղթականները մղեցին` իրենց Սուրիա հասնելու առաջին շաբաթներէն (Մայիս 1915) մինչեւ Տէր Զօրի ջարդերը (Օգոստոս 1916-էն սկսեալ)։
Ան շեշտը կը դնէ այդ ժամանակ ստեղծուած մարդասիրական դիմադրութեան ցանցին դերակատարութեան վրայ, որուն շնորհիւ հազարաւոր հայեր ճողոպրեցան ցեղասպանութենէն։
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Ռաթկըրզ համալսարանէն ներս պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ամպիոններու այցելու դասախօս է: Միաժամանակ, ան նոյն համալսարանի Հայկական Ցեղասպանութեան Ծրագրին համադրողն է: Ան նաեւ կը դասախօսէ Ուսթըրի Նահանգային Համալսարանին մէջ:
Միջոցառման լեզուն հայերենն է: Թարգմանություն չի նախատեսվում
Միջոցառումը բաց է բոլոր ցանկացողների համար
Կազմակերպիչ: College of Humanities and Social Sciences, AUA
Հեռախոսահամար: +374 10 32-40-40
Էլ. փոստ: info@aua.am
Վայր: Alex and Marie Manoogian Hall