Հանրային դասախօսութիւն - Միջմայրցամաքային կենցաղ մը. Մարգարա Աւագշէնցի՝ ֆրանսական արեւելահնդկական ընկերութեան հայ տնօրէնին համաշխարհային միկրոպատմութիւնը (1668-1688)

Publish Date: Jul 22, 2015

«Այս զեկուցումը կ՚ուսումնասիրէ համաշխարհային կենցաղը թանկագին քարերու Նոր Ջուղայեցի վաճառական Մարտիրոս Մարգարա Աւագշէնցի (Martin Marcara Avachintz), որ 1668-ին Ժան Բատիստ Կոլբերի ֆրանսական արեւելահնդկական ընկերութեան (Compagnie des Indes Orientales) առաջին տնօրէնը եղաւ։
Զեկուցումը կ՚անդրադառնայ 1676-1688 թթ. Փարիզի մէջ Մարգարայի զգայացունց դատի արձանագրութիւններուն
(factums կամ mémoires judiciares)։

Հայ տնօրէնը ֆրանսական արեւելահնդկական ընկերութեան դէմ դատ բացած էր 1670-ին Հնդկաստանի մէջ իր ապօրինի կալանաւորման ու այնուհետեւ ընկերութեան նաւերէն մէկուն մէջ վերջինին կողմէ տարիներով գերի պահուելուն եւ կրած չարչարանքներուն համար։

Մարգարայի դատական արձանագրութիւններու եւ իր միջմշակութային, միջկայսերական եւ միջցամաքամասային կեանքի մանրապատմական
(microhistorical) ընթերցման մը ընդմէջէն, զեկուցումը կը փորձէ օգտագործել Մարգարայի արտասովոր կեանքը իբր պարագայ մը այն երեւոյթին, որ Էդօարդօ Գրենդի եւ Կարլօ Գինզբուրգ կոչած են «բացառիկ սովորականը» (“l’eccezionale normale”), եւ որ կրնայ Եւրոպայի եւ Հնդկաց ովկիանոսի պատմութիւնները իրարու առնչելով լոյս սփռել վաղ արդի շրջանի համաշխարհային զարգացումներու աւելի լայն հարցերու վրայ»։

Further Official Information

Link to Original

Similar Opportunities


Disciplines

History

Host Countries

Armenia

Event Types

Lecture